Բեյրութում արտակարգ դեպք է տեղի ունեցել
Բեյրութում արտակարգ դեպք է տեղի ունեցել՝ քաղաքացի է ինքնահրկիզվել: Այս մասին հայտնում է «Արևելքը»:
«Պէյրութի «Պիր ալ հասան» թաղամասին մէջ արտակարգ պատահար մը գրանցուած է։ Այս մասին «Արևելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։
Մեր տեղեկութիւններով քաղաքացի մը առ ի բողոք Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային ծանր պայմաններուն ինքզինք փորձած է հրկիզել։
Քաղաքացիի վիճակին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր, իսկ համացանցին վրայ տարածուած տեսանիւթէն երևելի կը դառնայ, որ դէպքը տեղի ունեցած է «Պիր ալ հասան» շրջանի ընկերային ապահովագրման կեդրոնատեղիի շէնքին մօտ։
Յիշեցնենք, որ անցնող առնուազն մէկ տարուան ընթացքին բազմաթիւ լիբանանցիներ, առ ի բողոք երկրին մէջ տիրող ծանրագոյն պայմաններուն դիմած են նման յուսահատ քայլերու»,-գրում է լրատվամիջոցը